2016-11-26 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը տնտեսութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն` Անսալ աղքատներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կրօնաւորական Կեանքի Հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Ժողովը կազմակերպած էր գիտաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տնտեսութեան հայող խնդիրները։
Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց գիտաժողի մասնակիցներուն, ուր ընդարձակ կերպով կʼանդրադառնայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս կրօնաւորական հաստատութիւններու շնորհապարգեւներուն։  Ապա կը հետեւցնէ, թէ շնորհապարգեւի հանդէպ հաւատարիմ կեցուածքը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ նոր դիրքորոշումի մը կրօնաւորական հաստատութիւններու տնտեսական կեանքէն ներս։
Սրբազան Քահանայապետը, նախ բացատրութիւն կու տայ «շնորհապարգեւի», որ լճացեալ, չոր իրականութիւն մը չէ, այլ «կենդանի ջուրի հոսանքներ» (հմմտ. Յովհ Է. 37-39), որոնք կʼընթանան, որոգելով պատմութեան հողը եւ կʼընձիւղեն բարիին սերմերը։ Այսպէս, կրօնաւորական կեանքը, իր բնոյթով, մարգարէական նշան է Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները, իրենց միաբանութիւններու հիմնադիրներու միջոցաւ ստացած են որոշ շնորհապարգեւ մը։ Մնալով միշտ արթուն, անոնք, իրենց փոխանցուած շնորհապարգեւը միշտ կենդանի կը պահեն եւ կարող կը դառնան որոշ ժամանակի եւ որոշ վայրի մը մէջ պատասխան տալու հարցերու եւ վկայելու Քրիստոսի հետեւելու գեղեցկութիւնը։
Պէտք է մնալ հաւատարիմ շնորհապարգեւին, մնալով միշտ բաց Աստուծոյ ձայնին, որ մեզի կը խօսի որոշ իրականութիւններու միջոցաւ։

Շնորհապարգեւին հաւատարիմ ըլլալ, կը նշանակէ հարց տալ ինքն իր անձին, թէ այսօր, այս պարագային մէջ՝ Տէրը ի՛նչ կը խնդրէ ինձմէ, ի՛նչ պէտք է ընեմ։

Ըլլալ հաւատարիմ, կը նշանակէ, այն գործերը, որոնք կը համապատասխանեն շնորհապարգեւին, շարունակեն ըլլալ ազդու գործիքներ՝ բոլորին մատջելի դարձնելու Աստուծոյ գուրգուրանքը։

Այն գործերը, զոր այս գիտաժողովը կը քննարկէ, պարզապէս միջոց չեն ապահովելու իւրաքանչիւր հաստատութեան տնտեսական կայունութիւնը, այլ կը պատկանին շնորհապարգեւի արգասաւորութեան։  Շնորհապարգեւին հաւատարիմ ըլլալ, ստէպ կը պահանջէ քաջութիւն։ Այս չի նշանակեր ծախել ամէն ինչ կամ դադրեցնել բոլոր գործերը, այլ կատարել լուրջ որոշողութիւն, միշտ հայեացքը պահելով Քրիստոսի վրայ, ականչները ուշադիր Անոր խօսքին եւ աղքատներու ձայնին։

Սրբազան Հայրը ապա հետեւցուց, թէ, հիմնուած շնորհապարգեւի վրայ, պէտք է վերանայիլ տնտեսական մարզը, ընթերցելով Աստուծոյ խօսքը եւ պատմութիւնը։ Պէտք է լսել Աստուծոյ մրմունջը եւ աղքատներուն աղաղակը։ Ան ապա իր խօսքը փակեց, յիշելով Նոր Կտակարանէն երկու խօսքեր՝ «Եթէ մէկը այս աշխարհի վրայ հարստութիւն ունի, եւ տեսնէ իր եղբարը որ կարօտ է բանի մը եւ կը փակէ իր գութը անոր դիմաց, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ պիտի բնակի» (Ա. Յովհ Գ. 17) եւ «Ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի, որովհետեւ այդ չըրիք այս փոքրիկներուն, ինծի չըրիք» (Մտթ ԻԵ. 45)։








All the contents on this site are copyrighted ©.